Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն պիտի չմասնակցի 3 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման: Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգները պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց տեղակալ Քրիստոֆըր Լանտաու։
Գործակալութիւնը Ռուպիոյի բացակայութիւնը առաջիկայ հանդիպումէն անուանած է «խիստ անսովոր»՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը «աւելի շատ հարցեր կ'առաջացնէ Ուաշինկթընի եւրոպական անվտանգութեան նկատմամբ յանձնառութեան վերաբերեալ»։
Գործակալութիւնը չէ նշած ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն Ռուպիոյի բացակայութեան պատճառը։
10 նոյեմբերին, ՆԱԹՕ-ի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ դաշինքի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը պիտի կայանայ 3 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ եւ ծրագիրը կը համաձայնեցուի: