image

Ռոպըրթ Քէնէտին՝ Թրամփի կողքին

Ռոպըրթ Քէնէտին՝ Թրամփի կողքին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու երրորդ թեկնածու Ռոպըրթ Քէնէտի Կրտսերը յայտարարած է իր նախընտրական արշաւը կասեցնելու մասին։

«Ես կ'ուզեմ բոլորին ըսել, որ ես չեմ դադրեցներ իմ քարոզարշաւը, այլ միայն կը կասեցնեմ այն», - ըսած է ան իր աջակիցներուն ուղղած ուղերձին մէջ։

Քէնէտի Կրտսերը յայտարարած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական մրցավազքին Տանըլտ Թրամփին աջակցելու մասին։

«Ես իմ աջակցութիւնս կը յայտնեմ Տանըլտ Թրամփին»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5  նոյեմբեր, 2024-ին։