Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած խուզարկումներու հետեւանքով այսօր ձերբակալուած է 11 անձ։
Այս մասին լուրը տրուած է հայրենի ԶԼՄ-ներու կողմէ, որոնք նաեւ հաստատած են, որ գլխաւոր ձերբակալուածը քաղաքապետի տեղակալ՝ Գէորգ Սիմոնեանն է։
Պաշտօնական աղբիւրներ կը նշեն, որ ձերբակալուածները շահագործումներ կատարած են «Քովիտ» համավարակի օրերուն։