image

«Քովիտ»ի օրերուն կաշառակերութեան դէպքեր. Ձերբակալուած է Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ՝ Գէորգ Սիմոնեանը

 «Քովիտ»ի օրերուն կաշառակերութեան դէպքեր. Ձերբակալուած է Երեւանի  քաղաքապետի տեղակալ՝ Գէորգ Սիմոնեանը

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած խուզարկումներու հետեւանքով այսօր ձերբակալուած է 11  անձ։

Այս մասին լուրը տրուած է հայրենի ԶԼՄ-ներու կողմէ, որոնք նաեւ հաստատած են, որ գլխաւոր ձերբակալուածը քաղաքապետի տեղակալ՝ Գէորգ Սիմոնեանն է։

 

Պաշտօնական աղբիւրներ կը նշեն, որ ձերբակալուածները շահագործումներ կատարած են «Քովիտ» համավարակի օրերուն։