Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 551637, վերջին մէկ օրուան մէջ` 1905 նոր քննութիւն:
Փաստացի այս պահուն բուժում կը ստանայ 18513 հիւանդ. մէկ օրուան մէջ նուազած է 1082-ով:
Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 127452 անձ, վերջին մէկ օրուան մէջ՝ 1486 անձ:
Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 26 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 2529 է:
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 8 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 626 է: