image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան մեծարգոյ Ռուբէն Խարազեան անդրանիկ այցելութեամբ այցելած է Քեսապ

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան մեծարգոյ Ռուբէն Խարազեան անդրանիկ այցելութեամբ այցելած է Քեսապ

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Խարազեան, ընկերակցութեամբ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, օրերս, իր անդրանիկ այցելութիւնը տուած է Քեսապ։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան մեծարգոյ Ռուբէն Խարազեան, ընկերակցութեամբ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր հանդիպում ունեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի, Քեսապի գիւղապետ Ուսամա Ճուսիի, Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Նշան Լնդեանի, Քեսապի թաղականութեան ատենապետ Վիգէն Լնդեանի,եւ ժողովուրդի զաւակներու հետ։

Հանդիպումին արծարծուեցան Քեսապի Ներկայ իրավիճակը եւ քեսապահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Հայր սուրբը ջերմապէս ողջունեց դեսպանին ներկայութիւնը Քեսապի մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան։