Թուրքիան առաջ կը մղէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգուած եւ երկխօսութեան միջոցով։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը դեսպաններու 16-րդ համաժողովին իր ելոյթին մէջ։
Report-ի հաղորդմամբ՝ Էրտողանն ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասը, որ տարիներ շարունակ մնացած է կայուն խաղաղութիւն չունեցող տարածաշրջան, այժմ կ՚ապրի պատմական պահ։ Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը աւելի քան երբեւէ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։
«Այս գործընթացին զուգահեռ, մենք նաեւ առաջ կը մղենք մեր քայլերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար՝ պահպանելով մշտական երկխօսութիւն Ատրպէյճանի հետ։ Աստծոյ օգնութեամբ, արդէն յաջորդ տարուան սկիզբը պիտի ձեռնարկուին որոշ խորհրդանշական քայլեր», - նշած է Էրտողանը։