image

ԱՄՆ-ն հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ենթակառուցուածքներուն

ԱՄՆ-ն հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ենթակառուցուածքներուն

Դեկտեմբեր 20-ի գիշերը ԱՄՆ զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կառոյցներուն։ Յարձակման թիրախ եղած են «Իսլամական պետութեան» զինեալները, ենթակառուցուածքները եւ զէնքի պահեստները, յայտնած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը X-ի էջին։

Նպատակակէտերը գտնուած են Սուրիոյ կեդրոնին մէջ, հարուած հասցուած է աւելի քան 70 թիրախի, հաղորդած է AFP լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Փենթակոնի խօսնակին։

Ըստ «Ալ Հատաս» հեռուստաընկերութեան՝ ամերիկեան կայանէն հրթիռներ արձակուած են Տէր Զօր, Ռաքքա եւ Հոմս նահանգներու ուղղութեամբ։ Գրոհին մէջ օգտագործուած են նաեւ կործանիչ ինքնաթիռներ եւ յարձակողական ուղղաթիռներ։

Փենթակոնը գործողութիւնն անուանած է «Բազէի հարուած»։