image

Քուէյթը կը բանայ իր օդային տարածքը փետրուար 28-էն ի վեր առաջին անգամ

Քուէյթը կը բանայ իր օդային տարածքը փետրուար 28-էն ի վեր առաջին անգամ

Քուէյթը Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու սկսումէն ի վեր առաջին անգամ բացած է իր օդային տարածքը։ Այս մասին հաղորդած է KUNA գործակալութիւնը։

«Քուէյթի միջազգային օդակայանի օդային տարածքը ապրիլ 23-ին վերաբացուած է՝ փետրուար 28-ին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրադրութեան պատճառով օդային երթեւեկութեան՝ կանխարգելիչ նպատակով ժամանակաւոր դադարեցումէն ետք»,– մէջբերած է գործակալութիւնը Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Համուտ Մուպարաքի յայտարարութիւնը։

Պաշտօնեային խօսքով՝ այդ քայլը «օդային հաղորդակցութիւնը աստիճանաբար վերականգնելու՝ լաւ մտածուած փուլային ծրագիրի մէկ մասն է՝ առաջիկայ ժամանակաշրջանին օդակայանի լիարժէք գործունէութեան նախապատրաստութեան ծիրէն ներս»։

Մուպարաքը յայտնած է, թէ իշխանութիւնները աւարտած են վնասի գնահատումը, որ Իրանը եւ անոր հետ կապուած զինուած խմբաւորումները հասցուցած են օդակայանի առանձին կառոյցներուն։

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ՝ այս ժամանակաշրջանին «համագործակցութեան եւ աջակցութեան» համար։

Միեւնոյն ժամանակ Քուէյթի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ երկրի երկու օդանաւային ընկերութիւններ՝ Kuwait Airways-ը եւ Jazeera Airways-ը, թռիչքները պիտի վերսկսին ապրիլ 26-էն։

Քուէյթի միջազգային օդակայանը դադրեցուցած էր իր գործունէութիւնը Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան գործողութիւններու սկսումէն ի վեր։ Բոլոր թռիչքները վերաուղղուած էին Սէուտական Արաբիա։