image

Արեւմուտքը կորսնցուցած է առաջատար դիրքերն աշխարհի մէջ. Փութին

Արեւմուտքը կորսնցուցած է առաջատար դիրքերն աշխարհի մէջ. Փութին

Արեւմուտքը կը կորսնցնէ իր առաջատար դիրքերը աշխարհի մէջ՝ տեղը զիջելով Համաշխարհային Հարաւի երկիրներուն։ Այս մասին «Բաց երկխօսութիւն» համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձով յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Նախկին մօտեցումները եւ գործարար կեանքի ու միջազգային յարաբերութիւններու հաստատուած չափանիշերն ու կանոնները աստիճանաբար կը կորսնցնեն իրենց ուժը, նաեւ՝ արեւմտեան պետութիւններու գործողութիւններուն պատճառով, որոնք կը կորսնցնեն իրենց առաջատար դիրքերը եւ տեղը կը զիջին աճի նոր կեդրոններուն՝ Համաշխարհային Հարաւի երկիրներուն»,– ըսած է Փութինը։

Նախագահին համաձայն՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ աւելի ու աւելի կարեւոր դեր կը խաղան այն երկիրները, որոնք կը հասկնան ինքնիշխանութեան կարեւորութիւնը։

«Մեր աչքերուն առջեւ կը կազմաւորուի համաշխարհային զարգացման աւելի բարդ, բազմաբեւեռ ճարտարապետութիւն։ Ատոր մէջ աւելի մեծ դեր կը խաղան այն պետութիւնները, որոնք վստահաբար կը հասկնան եւ կը գնահատեն ազգային ինքնիշխանութեան կարեւորութիւնը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ»,– ըսած է Փութինը։