Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի հետ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու շրջածիրէն ներս իրաւունք ունի հակազդելու սպառնալիքներուն Լիբանանի տարածքին մէջ՝ հակառակ հրադադարին։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։
«Մենք հարուածներ կը հասցնենք թէ՛ անվտանգութեան գօտիին մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս՝ մինչեւ Լիթանի գետէն հիւսիս։ Մենք ունինք գործողութեան ազատութիւն՝ ի յայտ եկող սպառնալիքներուն հակազդելու համար․ սա այն համաձայնագիրին մէկ մասն է, որ կնքած ենք Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի իշխանութիւններուն հետ»,– Նաթանիահուի խօսքը մէջբերած է անոր գրասենեակը։
Նաթանիահուն նաեւ նշած է Իսրայէլի զինուորականներու ձեռքբերումները Լիբանանի մէջ, ինչպիսիք են մեծ թիւով հրթիռային կայանքներու ոչնչացումը եւ Լիբանանի հարաւին մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը, որ կը կանխէ Իսրայէլի հիւսային շրջանի ուղղութեամբ հնարաւոր յարձակումները։
Միեւնոյն ժամանակ վարչապետը ընդգծած է, որ լիբանանեան «Հըզպալլա»-ի կողմէ սպառնալիքը տակաւին գոյութիւն ունի։ Անոր խօսքով՝ հիմնական սպառնալիքը այժմ կը ներկայացնեն հրթիռները եւ անօդաչու թռչող սարքերը։ Ատոնք «Հըզպալլա»-ի սպառազինութեան հիմնական տեսակներն են, եւ այդ պատճառով, Նաթանիահուի խօսքով, Իսրայէլը կը ձգտի խմբաւորման զինաթափման։