Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ պիտի չկնքէ այնպիսի համաձայնագիր, որ շահաւէտ չըլլայ Ուաշինկթընի եւ ամբողջ աշխարհի համար։ Այս մասին The New York Times (NYT) թերթին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղարի տեղակալ Օլիվիա Ուելսը։
«ԱՄՆ-ը բանակցութիւններ պիտի չվարէ զանգուածային լրատուամիջոցներու միջոցով․ մենք յստակ նշած ենք մեր կարմիր գիծերը, եւ նախագահը պիտի կնքէ միայն այնպիսի գործարք, որ ձեռնտու ըլլայ ամերիկացիներուն եւ ամբողջ աշխարհին համար»,– ըսած է պաշտօնեան։
Ինչպէս կը նշէ թերթը, ԱՄՆ իշխանութիւնները հասած են այն եզրակացութեան, որ իրանցի բանակցողները օժտուած չեն լիազօրութիւններով՝ զիջումներ ընելու միջուկային ծրագրի հարցով, ո՛չ գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէիի, ո՛չ ալ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ղեկավարութեան կողմէ։ Ըստ հրապարակման՝ Ուաշինկթընի մէջ կը կարծեն, որ առանց ռազմական գործողութիւններու շարունակութեան, քիչ հիմքեր կան ենթադրելու, որ Թեհրանի բանակցային դիրքորոշումը պիտի փոխուի։ Սակայն նոյնիսկ ռմբակոծումներու շարունակութիւնը, պաշտօնեաներու կարծիքով, չերաշխաւորեր, թէ Իրանի կողմէ որոշումներու կայացման գործընթացը պիտի փոխուի, կը գրէ թերթը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Իրանը միջնորդներուն ներկայացուցած է երեք փուլով ծրագիր, որու առաջին փուլը կը կեդրոնանայ պատերազմի դադրեցման, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւններու չվերսկսման երաշխիքներուն վրայ։ Երկրորդ փուլը կը կեդրոնանայ պատերազմի աւարտէն ետք Հորմուզի նեղուցի կառավարման հարցերուն վրայ։ Առաջին երկու փուլերուն վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելէ ետք, երրորդ փուլին մէջ պիտի քննարկուի Իրանի միջուկային ծրագիրը։
Ամերիկեան զանգուածային լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը հազիւ թէ ընդունի Իրանի առաջարկութիւնը բանակցութիւններու վերսկսման մասին, որովհետեւ այդ ծրագիրին մէջ բացակայ են Թեհրանի միջուկային ծրագրի կարգաւորման դրոյթները։