Հայաստանի մէջ 2026-ի աշունէն պիտի ներդրուին նոր սերունդի կենսաչափական անձնագրեր եւ նոյնականացման քարտեր։ Այդ մասին ապրիլ 28-ին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին։ Նախարարը վարչապետին ներկայացուցած է նոր նմուշի կենսաչափական անձնագրերու տեսողական հայեցակարգը։
Փաշինեան նշած է, որ առաջին փոփոխութիւնը գոյնն է․ որոշեր են, որ կենսաչափական անձնագիրը պիտի ըլլայ կարմիր երանգով, որ նաեւ Եւրոպական միութեան երկիրներու մէջ ամենատարածուածներէն է։ Նոր ենթակառուցուածքը լիովին պիտի համապատասխանէ միջազգային ստանդարտին, որ, ըստ նախարարի, պիտի ապահովէ սահմաններուն փոխճանաչելիութիւն եւ պիտի նպաստէ Եւրոպական միութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործընթացին։
Փաշինեանի խօսքով՝ անձնագրի էջերը կը ներկայացնեն հայերու ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու պետականութիւնը։ Ուշագրաւ է, որ էջերէն մէկուն մէջ պատկերուած է Խոր Վիրապ վանական համալիրը՝ նկարահանուած այնպիսի անկիւնէ, որ պատկերին մէջ արտացոլուած ըլլայ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։ «Մենք այնպիսի ռակուրս ենք ընտրել, որ կադրում արտացոլուած լինի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Մեր ընկալումն ու դիրքորոշումը այսպիսին է»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։
Անձնական տուեալներու էջը պիտի ունենայ ուղղահայեաց դիրքաւորում, իսկ երրորդ էջին Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենն է՝ 405 թուականի նախնական վարկածով։ Այստեղ որոշ տառեր ընդգծուած են՝ խորհրդանշելով պետական ռազմավարական ձգտումները, օրինակ՝ Ա-ն՝ ազատութիւն եւ անկախութիւն, Է-ն՝ Աստուած, Ի-ն՝ ինքնիշխանութիւն, իսկ Ք-ն՝ Քրիստոս։ Արփինէ Սարգսեանն ալ աւելցուցած է, որ զարդանախշերուն մէջ օգտագործուած են դրօշակի գոյները, իսկ ներքեւը գրուած է հայատառ առաջին նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։
Յաջորդ էջերուն ներկայացուած է մեր ծագումնաբանութիւնն ու պատմութիւնը։ Չորրորդ էջին Հայկ Նահապետն է, հինգերորդին՝ Գեղամայ լեռներու եւ Ուխտասարի ժայռապատկերները։
Օգտագործուած է նաեւ Էրեբունի ամրոցի վերականգնուած մաքեթը եւ սեպագիր արձանագրութեան ճշգրիտ պատճէնը։ Տեղադրուած են Արտաշէս արքայի սահմանաքարերը՝ արամերէն արձանագրութիւններով, որոնք ցոյց կու տան պետական կառավարման հնագոյն աւանդոյթները։ Էջերուն վրայ պատկերուած է նաեւ Էջմիածնի Մայր տաճարը՝ որպէս քրիստոնէութեան ընդունման խորհրդանիշ, որուն կը յաջորդեն ժամանակակից պետականութեան խորհրդանիշները՝ Նախագահի նստավայրը, Կառավարութեան շէնքը, Ազգային ժողովը եւ Սահմանադրական դատարանը։ Բոլոր պատկերները ստացուած են մասնագիտական լուսանկարներու ծրագրային փոխակերպման արդիւնքով։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ մարզերուն․ Երեւանէն ընտրուած է Քասքատն ու Թամանեանի արձանը, Արագածոտնէն՝ Արագած լեռը, Արմաւիրէն՝ լաւաշի թխման արարողութիւնն ու այգիները։ Գեղարքունիքի մարզէն պատկերուած է Սեւանայ լիճը եւ Բերդկունք ամրոցը, Կոտայքէն՝ Գառնիի տաճարը, Լոռիէն՝ Լոռի բերդը, Շիրակէն՝ Գիւմրիի պատմական միջավայրն ու ֆայտոնը։ Սիւնիքի պարաագային ընտրուած է Բաղաբերդ ամրոցը, Տաւուշէն՝ Սրանոցի կամուրջը, իսկ Վայոց Ձորէն՝ Ջերմուկի ջրվէժն ու եղնիկը։ Վերջին էջին վրայ պատկերուած է Ներքին գործոց նախարարութեան շէնքն ու ՀՀ քարտէզը։ Ձեւաւորման վրայ աշխատած է գեղարուեստական խումբ՝ «Փիքսարթի» մասնագէտներու, «Թումո»ի եւ Յակոբ Կոջոյեան կրթահամալիրի սաներու մասնակցութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ անձնագրերու ներդրման զուգահեռ սահմանային անցման կէտերուն մէջ պիտի ներդրուի առանց մարդկային կոնտակտի անցման մոտելը (e-gate), որ զգալիօրէն պիտի հեշտացնէ սահմանի հատումը քաղաքացիներու համար։