image

Պոլիս. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունեց Ղըպտի Քոյր Եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պապը 



Պոլիս. Սահակ Բ. Պատրիարք ընդունեց Ղըպտի Քոյր Եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պապը 



Աւելի Քան 10 Միլիոն Հաւատացեալներու հոգեվւոր գերագոյն առաջնորդ՝ Ղըպտի Եկեղեցւոյ Պապ՝ Թաւատրոս Բ., 27 Ապրիլ 2026-ին այցելեց Գում Գաբուի Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար եւ Պատրիարքարան, ուր հանդիսաւոր կերպով դիմաւորուեցաւ Թրքահայոց Պատրիարք՝ Սահակ Բ.ի կողմէ։

Կարճ, բայց ջերմ հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը ընդգծեցին Հայ եւ Ղպտի քոյր եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը, եկեղեցական միասնութիւնն ու միջեկեղեցական գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ աղօթելով նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Հանդիպումը եզրափակուեցաւ նուէրներու փոխանակումով։

Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը յայտնուեցաւ որպէս համեստ, եղբայրասիրութեան ու եկեղեցական միութեան նուիրուած առաջնորդ, մինչ Սահակ Բ. Պատրիարքը աչքի ինկաւ իր ջերմ հիւրասիրութեամբ, խաղաղասիրական ոգիով եւ եկեղեցական համերաշխութիւնը խթանելու յանձնառութեամբ։

Ստորեւ Ղըպտի Եկեղեցւոյ Մեծաւորին Պոլսոյ Պատրիարքարան տուած այցելութեան մասին  լրատւութիւնը՝

Ղըպտի քոյր Եկեղեցւոյ Պապ եւ Աղեքսանդրիոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Ապրիլ 2026, Երկուշաբթի առաւօտ այցելեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար։

Նորին Սրբութիւնը ժամը 09.00-ին, Մայր Տաճարի առաջ զանգակներու ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ, որու կողքին էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս միաբան հայրերն ու քահանայից ու ժառանգաւորաց դասերը։

Եկեղեցւոյ մուտքին աղ ու հաց մատուցուեցաւ Նորին Սրբութեան, որ օրհնելով կերաւ։

ՀՐԱՇԱՓԱՌ

Մայր Տաճարի մուտքին հոգեւոր հայրեր թափոր կազմեցին եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ դաս առաջնորդեցին Նորին Սրբութիւնն ու Նորին Ամենապատուութիւնը, որոնք «Թագաւոր երկնաւոր» շարականի երգակցութեամբ աղօթեցին Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եւ օրհնեցին ներկաները:

Ապա երգուեցաւ Տէրունական Աղօթքը:

Հուսկ՝ երկու Հոգեւոր Պետեր թափորով առաջնորդուեցան Պատրիարքարան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքարանի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ երկու Հոգեւոր Պետերու պաշտօնական հանդիպումն ու հիւրասիրութիւն։

Այստեղ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ նախ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ Իր այցելութիւնը ընդունեց որպէս ճշմարիտ օրհնութիւն եւ եղբայրական սիրոյ ու եկեղեցական մերձաւորութեան իմաստալից նշան։

Մեր Հոգեւոր Պետը յիշելով Ղըպտի Եկեղեցւոյ երանաշնորհ Շենուտա Գ. Պապի հետ երկու հանդիպումները, զանոնք նկատեց նաեւ «միացեալ հաւատքի լուսաւոր վկայութիւններ, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան համատեղ հաղորդութեան արարողութեամբ մը, որ մնայուն կերպով դրոշմուած է մեր եկեղեցական յիշողութեան մէջ՝ որպէս Քրիստոսի մէջ մեր խոր միութեան նշան»։

Մեր Հոգեւոր Պետը դրուատիքով խօսեցաւ Հայ Առաքելական եւ Ղըպտի Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու սերտ յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ առկայ միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին, որ ոչ միայն երկխօսութիւն է, այլ նաեւ ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ արմատաւորուած կենդանի հաղորդութիւն։

Ողջոյնի խօսքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու ներկայ տառապանքներուն եւ ըսաւ, թէ կ’աղօթէ, որ Յարուցեալ Տէրը իմաստութիւն շնորհէ ղեկավարներուն, մխիթարութիւն՝ տառապողներուն, եւ արդար ու մնայուն խաղաղութիւն՝ մեր տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին»։

Հուսկ՝ մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց կարճ, բայց իմաստալից հանդիպման համար ու յոյս յայտնեց, որ օր մը աւելի ընդարձակ ժամանակով եւ խնամքով պատրաստուած կերպով կարելի ըլլայ դարձեալ ողջունել զինք»։

Ապա Ղըպտի Եկեղեցւոյ Պապը արտասանեց իր շնորհակալութեան խօսքը ի տես ջերմ հիւրասիրութեան ու խօսեցաւ Ղըպտի եւ Հայ քոյր եկեղեցիներու թէ՛ Եգիպտոսի մէջ եւ թէ առ հասարակ աշխարհի տարածքին յարաբերութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Մարկոսի Աթոռէն ողջոյններ բերելով քոյր Հայ Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի Գահակալին ու հաւատացեալ ժողովուրդին, մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրեց յարմար առիթով այցելել Եգիպտոս։

ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Ուղերձներէ ետք տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Մեր Հոգեւոր Պետը Նորին Սրբութեան նուիրեց փայտեայ ձեռագործ ծաղկաման մը: Իսկ Ղըպտի Եկեղեցւոյ Պապը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց յուշամետայլ մը եւ Ղըպտի Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն հատոր մը, իսկ միաբան հայրերուն ու քահանաներուն՝ յուշանուէրներ:

ՄԵԿՆՈՒՄ

Այստեղ հիւր Հոգեւոր Պետը օրհնեց ներկաները, որմէ ետք դուռ առաջնորդուեցաւ:

Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի շքամուտքին ողջերթ մաղթեց Նորին Սրբութեան, որով վերջ գտաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի այցելութիւնը: