image

Վենետիկի մէջ Հայ մշակոյթի ժառանգութեան նոր կնիքը՝ Իսահակեանի յիշատակի շուրջ

Վենետիկի մէջ Հայ մշակոյթի ժառանգութեան նոր կնիքը՝ Իսահակեանի յիշատակի շուրջ

Սոյն հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ նուիրուած էր Վենետիկի մէջ հայ մշակութային ներկայութեան եւ Աւետիք Իսահակեանի ժառանգութեան արժեւորման, համախմբեց բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ մշակութային կեանքի կարեւոր դերակատարներ։ Անիկա վերածուեցաւ խորհրդանշական հանդիպման մը, ուր Հայաստան-Իտալիա մշակութային կապերը եւ պատմական յիշողութիւնը նոր շեշտադրում ստացան։

Պաշտօնական հիւրերու կողքին, ձեռնարկին առանձնայատուկ ներկայութիւն ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ակնառու հոգեւորականներէն Լեւոն արք. Զէքիեան, որ իր մասնակցութեամբ արարողութեան հաղորդեց հոգեւոր եւ խորհրդանշական խորք։ Անոր ներկայութիւնը ընդգծեց ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ մշակութային շարունակականութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ արարողութիւնը դարձաւ յիշողութեան, մշակոյթի եւ միջմշակութային կապերու ամրապնդման նշանակալից պահ մը։

Վենետիկի փոխքաղաքապետ Սիմոնէ Վենտուրինին, ինչպէս նաեւ Վենետիկի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեանը ներկայ էին ձեռնարկին։ Ներկաներուն մէջ էր նաեւ Պելլա Իսահակեանը՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհին, որ միաժամանակ Աւետիք Իսահակեանի ծոռնուհին է։

Մխիթարեան Միաբանութիւնէն ներկայ էին Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան, Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան եւ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան։ Վերջինս իր սրտի խօսքը փոխանցեց բացումէն յետոյ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին՝ մօտակայ սրահի մը մէջ, անդրադառնալով մեծանուն բանաստեղծին կերպարին եւ անոր սերտ կապերուն միաբան հայրերուն հետ։

Իսահակեանի բնակարանը կը գտնուէր Վենետիկի Տորսոտուրօ թաղամասին մէջ՝ թիւ 2266 հասցէով։ Տունը կը պատկանէր վենետիկեան ազնուական Տէ Մարքի ընտանիքին եւ կը գտնուէր մօտ Մուրատ Ռափայէլեան Վարժարանին, ուր ուսանած էր բանաստեղծին որդին՝ Վիգէն Իսահակեան։

Ինչպէս կը յիշէ Վիգէն Իսահակեան՝ այս տունը պարտէզով շրջապատուած հին առանձնատուն մըն էր, որ Վենետիկի համար հազուագիւտ երեւոյթ կը նկատուէր։ Բանաստեղծին աշխատասենեակը կը գտնուէր երկրորդ յարկին վրայ եւ կը նայէր պարտէզին։ Աղաւնիները յաճախ կը մօտենային պատուհանին՝ իրենց ներկայութեամբ կեանք հաղորդելով միջավայրին։

Այս տան մէջ Աւետիք Իսահակեան ստեղծագործեց իր բազմաթիւ նշանաւոր գործերէն՝ ներառեալ «Ռավեննայում», «Հայրենիքիս», «Լիլիթ», ինչպէս նաեւ մշակեց «Սասմա Մհեր» բանաստեղծութիւնը եւ հրատարակեց «Աշնան ծաղիկներ» ժողովածուն։ Անոր ստեղծագործական ոգին այս տարիներուն կարծես նոր թափ ստացած էր։

Տեղադրուած յուշաքարը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային երկխօսութիւնը։ Անոր վրայ պատկերէն է Ռիալթոյի կամուրջը՝ յղում կատարելով Իսահակեանի յայտնի բանաստեղծութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ճարտարապետութեան նշանաւոր կոթողներէն Երերոյքի տաճարի զարդանախշը։

Յուշաքարին վրայ տեղադրուած գաղտնագիրով (QR code) այցելուները կրնան դիտել «Իսահակեանը եւ Վենետիկը» տեսանիւթը։ Յուշաքարը ճարտարապետ Հայկ Ասատրեանի ստեղծագործութիւնն է։

Ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի Կրթութեան եւ Արտաքին Գործոց նախարարութիւններու համատեղ ջանքերով՝ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն աջակցութեամբ, եւ Աւետիք Իսահակեանի Տուն-Թանգարանի ու Վենետիկի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան կազմակերպութեամբ։