Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի պաշտօնական այցելութիւնը Ղազախստան եղած է թռիչքի երթուղիի փոփոխութեամբ՝ Թուրքիոյ կողմէ օդային տարածքի օգտագործման թոյլտուութիւն չտրամադրելու պատճառով։
Այս մասին կը տեղեկացնեն թրքական լրատուամիջոցները՝ յղում կատարելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն։
Իսրայէլի նախագահի օդանաւը չէ ստացած Թուրքիոյ վրայով թռիչք կատարելու սպասուած թոյլտուութիւնը, որու պատճառով ստիպուած եղած է փոխել երթուղին։
Այսպիսով՝ թռիչքը իրականացուած է շրջանցիկ ուղղութեամբ՝ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ օդային տարածքներով, որ զգալիօրէն երկարացուցած է ճանապարհը։
Երթուղիի փոփոխութեան հետեւանքով Իսրայէլի նախագահի թռիչքը դէպի Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանա տեւած է շուրջ 8 ժամ, որ զգալիօրէն աւելի երկար է, քան սովորական պայմաններուն մէջ պիտի ըլլար Թուրքիոյ օդային տարածքով անցնելու պարագային։
Չնայած ստեղծուած դժուարութիւններուն՝ Իսհաք Հերցոկը յայտնած է, որ ապահով կերպով հասած է Ասթանա։
Ան այս մասին գրառում կատարած է X ընկերային հարթակին վրայ։
Պաշտօնական այցելութեան շրջածիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր։