image

Հալէպ. Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ի յիշատակումն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակաց

Հալէպ. Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ի յիշատակումն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակաց

Մակար Արք. Աշգարեան. «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել. այս պիտի շարունակուի, որովհետեւ մեր ճիտին պարտքն է։ Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք, ունինք դատ մը, որ տակաւին չէ ամբողջացած եւ իր արդար լուծումը չէ ստացած...»։ 

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,   Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբոց նահատակաց յիշատակին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Ազգային Գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին մօտ։

Պատարագիչն էր՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին թեմի եկեղեցիներու դպրաց դասերը։

Պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական մեծարգոյ Դաւիթ Թադէոսեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ  Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոց գիրքի առաջին գլխու 6-8 համարները, ուր Քրիստոս պատասխանելով առաքեալներուն հարցումին կը պարզէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումին ժամանակը առաքեալները չեն կրնար գիտնալ, բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ իրենց վրայ՝ զօրութեամբ պիտի լեցուին եւ Քրիստոսի վկաները պիտի ըլլան ողջ աշխարհի մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ էր որ պատրաստուէին, զգաստ եւ արթուն վիճակի մէջ ըլլային, որպէսզի երբ փողը հնչէ եւ ժամանակը հասնի՝ պատրաստ ըլլան։

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի այս խօսքը կարճ ժամանակ ետք իրականացաւ, Աւետարանը աշխարհի մէջ տարածուելով հասաւ Հայաստան եւ Թադէոս ու Բարթողիմէոս առաքեալներուն միջոցաւ աստուածային յաւիտենականութեան լոյսը ճառագայթեց հայոց աշխարհէն եւ այդ պահէն սկսեալ մեր նահատակ նախահայրերը՝ աշխարհական թէ հոգեւորական, իրենց վկայութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարեցին։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ հայը, որպէս քրիստոնեայ, ուր որ գտնուեցաւ, պահելով իր ներքին էութիւնը, շաղախուեցաւ իր գտնուած երկրի մշակոյթին եւ լեզուին հետ եւ որպէս օրինապահ քաղաքացի աստուածային շնորհքով իր լաւագոյնը տուաւ եւ իր լուման բերաւ երկրի բարգաւաճման գործընթացին, այնպէս ինչպէս ցեղասպանութենէն առաջ ապրած մեր նախահայրերը, զորս խողխողուեցան թշնամիին ձեռամբ։ Ան նշեց, թէ մենք յետնորդներն ենք 111 տարի առաջ զոհ գացած մեր նահատակներուն։ Ուստի, յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել. այս պիտի շարունակուի, որովհետեւ մեր ճիտին պարտքն է, քանզի մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք, ունինք դատ մը, որ տակաւին չէ ամբողջացած եւ իր արդար լուծումը չէ ստացած։ 

Սրբազան Հայրը հարց տուաւ ըսելով, թէ որպէս հայ քրիստոնեաներ, Ս. Միւռոնով կնքուած եւ Ս. Հոգիով զօրացած, որքանո՞վ Քրիստոսի վկաները կը հանդիսանանք մեր կեանքին մէջ, այս է այսօրուան մարտահրաւէրը։ 

Սրբազան Հայրը աստուածաշնչական հատուածին ընդմէջէն հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգելու, որ մեր վիզին դրուած ազգային-եկեղեցական պարտքն է։ Այլ խօսքով, այսօր մեզմէ կը պահանջուի գիտակից կեցուածք եւ հաւատքի դրսեւորում ունենալ եւ որպէս ժառանգորդներ մեր վկայութիւնը տալ, հոն ուր կ՚ապրինք եւ կը գործենք։

Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ 1.5 միլիոն սրբոց նահատակաց բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ մեր առաքելութիւնն ու կոչումը լաւագոյնս կատարենք։

Աւարտին, կատարուեցաւ սուրբերու յիշատակի արարողութիւն։