image

Պաֆրա․ Յիշողութեան եւ հաւատքի կենդանի կամուրջ. Նախաձեռնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս.ի համայնքային այց դէպի Պաֆրա գիւղ

 Պաֆրա․ Յիշողութեան եւ հաւատքի կենդանի կամուրջ. Նախաձեռնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս.ի համայնքային այց դէպի Պաֆրա գիւղ

Օրերս, Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ երկօրեայ հովուական այցելութիւն մը Իոանինուի շրջանի Պաֆրա գիւղ։ Այս առիթով թեմական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ այն համայնքը, ուր պատմական յիշողութիւնը եւ հոգեւոր շարունակականութիւնը մինչեւ այսօր կը պահպանուին կենդանի շունչով։

Դէպի Յունական Պաֆրա գիւղ կատարուած այցելութիւնը միայն հովուական ուղեւորութիւն մը չէր, այլ վերադարձ մը՝ յիշողութեան, արմատներու եւ գոյատեւող ինքնութեան կենդանի էջերուն։

Այստեղ, պատմութեան ծանր ստուերներուն մէջէն ծնած համայնք մը տակաւին կը շարունակէ շնչել իր հաւատքով, մշակոյթով եւ միասնական յիշողութեամբ։

Այս հանդիպումը դարձաւ վկայութիւն մը այն անտեսանելի, բայց ամուր կամուրջին, որ անցեալը կը կապէ ներկային՝ առանց կորսնցնելու իր մարդկային ջերմութիւնը։

Ստորեւ այդ մասին Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանի կատարած գրառումը ՝

 

Ապրիլ 25–26-ին, երկօրեայ հովուական այցելութեամբ, Թեմական խորհուրդի ատենապետուհի Լուսի Պերպերեանի, թեմի երիտասարդական ծրագիրներու համակարգող Պետրոս Յովսէփեանի եւ ուրարակիր Վահագն Նիկողոսեանի ընկերակցութեամբ, մեկնեցաք Իոանինուի շրջանի Պաֆրա գիւղը, որ ունի յատուկ պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւն տեղւոյն հայութեան համար։

Պաֆրա հիմնուած է 1920-ական թուականներուն, մասնաւորապէս 1928-ին, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ընտանիքներ հոն վերաբնակեցան՝ գաղթելով ներկայ Թուրքիոյ Սամսունի նահանգի Չաթ (Çat) գիւղէն։ Այսօր շուրջ 850 բնակիչ ունեցող Պաֆրայի մէջ մօտ 100-ը հայ ծագում ունին՝ սերունդէ սերունդ պահպանելով իրենց ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը։

Պաֆրայի հայերը, թէեւ ժամանակի ընթացքին համարկուած են տեղական հասարակութեան մէջ, սակայն իրենց յիշողութեան մէջ պահպանած են մշակոյթի եւ հաւատքի տարրերը՝ յատկապէս ընտանեկան աւանդութիւններու, երգի ու պարի, եւ յիշողութեան փոխանցման միջոցով։ Գիւղը յաճախ կը յիշատակուի որպէս Հունաստանի այն եզակի վայրերէն մէկը, ուր ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգները կը շարունակեն ապրիլ համախմբուած կերպով։

Այցի ընթացքին, Պաֆրայի Միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղւոյն Սուրբ Պարասկեւի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, որուն մասնակցեցաք։ Աղօթքը դարձաւ ոչ միայն հոգեւոր արարողութիւն, այլ նաեւ խորապէս յուզիչ հանդիպում՝ անցեալի յիշողութեան եւ ներկայի հաւատքի միաձուլումով։

Տեղւոյն հայազգի բնակիչներուն հետ հանդիպումը լեցուն էր անկեղծ ջերմութեամբ։ Յատկապէս յուզիչ էր տեսնել, թէ որքան կենդանի մնացած է հայկական ոգին անոնց մէջ։ Տեղի պարախումբը, որուն կազմին մէջ կային նաեւ հայազգի երիտասարդներ, ներկայացուց հայկական աւանդական պարեր՝ ներառեալ Քոչարին, ինչ որ կը վկայէ ազգային մշակոյթի շարունակականութեան մասին։

Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ։ Տեղացիներուն սիրալիր վերաբերմունքն ու հոգատարութիւնը այնքան խորն էին, որ բաժանումը դժուարութեամբ տեղի ունեցաւ։ Յուզումով լեցուն հրաժեշտ տուիք՝ խոստանալով վերստին վերադառնալ այս հարազատ եւ հոգեհարազատ համայնքը։