Մոսկուայի մէջ ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է 115-ի։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ քննչական կոմիտէն իր թելեկրամեան ալիքի միջոցաւ։
««Քրոկուս Սիթի Հոլ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան վայրին մէջ փլատակներու մաքրման ընթացքին արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կրկին դիեր յայտնաբերած են։ Այսպիսով՝ զոհերու թիւն այս պահուն 115 է»,-ըսուած է Ռուսիոյ քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր 93 զոհի մասին։
Նախնական տուեալներով՝ մարդոց մահուան պատճառ հանդիսացած են հրազէնային վնասուածքները եւ հրդեհի հետեւանքով թունաւոր նիւթերու արտազատումը։ Ահաբեկիչները յարձակման պահին կրակ բացած են ինքնաձիգներէ, իսկ համերգասրահը հրդեհելու համար կիրառած են դիւրավառ հեղուկներ։