image

Քրեմլը գնահատած է Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպման հնարաւորութիւնը

Քրեմլը գնահատած է Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպման հնարաւորութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ  Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը հնարաւոր է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու որոշակի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու պարագային։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Նման հանդիպումը, որպէս երկու կողմերու պատուիրակութիւններու աշխատանքի արդիւնք, այդ պատուիրակութիւններու որոշակի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու պարագային հնարաւոր է։ Մենք այդ հնարաւոր կը համարենք։ Բայց որպէս աշխատանքի արդիւնք եւ որոշակի արդիւնքներու հասնելէն յետոյ՝ երկու կողմերու պայմանաւորուածութիւններու տեսքով»,-ըսած է Փեսքով։