image

Հայաստանի վարչապետը շատ լուրջ ռիսքերու կ՚երթայ եւ մենք ուշադիր կը հետեւինք ատոր. Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

Հայաստանի վարչապետը շատ լուրջ ռիսքերու կ՚երթայ եւ մենք ուշադիր կը հետեւինք ատոր. Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

«Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի կրճատէ հեռավորութիւնները, պիտի նուազեցնէ ծախսերը եւ պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ տարածաշրջանային առեւտրային հզօրութիւնը, յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն Ալանիա քաղաքին մէջ 45 երկրէ ժամանած 310 լրագրողներու խորհուրդի 5-րդ մետիա հանդիպման ժամանակ։

Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber»ը:

Ուրալօղլուն մասնաւորապէս նշած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ու Ալիճան սահմանային անցակէտի նախագիծերը  պիտի վերահաստատեն Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանային առեւտուրի ցանցին մէջ։

Ըստ Ուրալօղլուի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի ստեղծէ նոր առեւտրային գիծ Ասիայէն դէպի Եւրոպա՝ ուղղակիօրէն կապելով Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ 

Անդրադառնալով Ալիճան սահմանային անցակէտին՝ Ուրալօղլուն նշած է, որ այդ անցակէտի համար սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները։ Մասնաւորապէս նշած է, որ որոշակի ծրագիրներ կազմուած են, այդ շարքին՝ Ալիճան սահմանային դարպասի մօտ գտնուող կամուրջի ներկայիս վիճակի գնահատման եւ նորի կառուցման վերաբերեալ։

«Աւարտին հասցուցած ենք մեր ծրագիրները, այդ շարքին՝ կամուրջի ներկայ վիճակի գնահատումն ու վերականգնումը։ Մենք արագօրէն առաջ կը շարժինք Ատրպէյճանի ու Հայաստանի հետ միասին համաձայնութեան գործընթացի ուղղութեամբ։ Երբ աւարտի խաղաղութեան գործընթացը, Ալիճան անցակէտը պիտի բացուի»,-յայտնած է Ուրալօղլուն։

Խօսելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի խաղաղութեան գործընթացի մասին՝ Ուրալօղլուն նշած է, որ հանդիպած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու հետ։ 

«Այստեղ լուրջ կարգաւորման գործընթաց կ՚ընթանայ։ Յատկապէս Հայաստանի վարչապետը շատ լուրջ նախաձեռնութիւններ եւ ռիսքեր կը ձեռնարկէ։ Մենք ուշադիր կը հետեւինք ատոնց»,- նշած է Ուրալօղլուն ։

Ուրալօղլուի ձեւակերպմամբ՝ նման զարգացումը պիտի բարձրացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի արդիւնաւէտութիւնը եւ Չինաստանէն Մեծ Բրիտանիա տանող առեւտրային ուղին պիտի դարձնէ աւելի արդիւնաւէտ։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Կարսի գիծը պիտի ձեւաւորէ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրասիոյ ապագան։