Մարտի14-ին ռուսական զօրքերը օդային հարուածներ հասցուցած են Քիեւին, Ռովնոյին եւ Ժիթոմիրի շրջանին:
Կը նշուի, որ Երկուշաբթի առաւօտեան արկը հարուածած է մայրաքաղաք Քիեւի Օպոլոնսքի թաղամասի ինը յարկանի շէնքը:
Բացի այդ, գիշերը հրթիռային հարուածի ենթարկուած է Ժիթոմիրի շրջանի Սթաւիշչէ քաղաքային տիպի բնակավայրը: Նախնական տուեալներով` աւերուած է եօթը վարչական շէնք:
Ռովնոյի շրջանային նահանգային վարչակազմի ղեկավար Վիթալի Քովալը յայտնած է, որ օդային հարուածի հետեւանքով վնասուած է հեռուստաաշտարակը: