image
Հրատապ լուրեր:

«Քէմբ Արմէն»ի Մէջ Սուրուճի Զոհերու Յիշատակին Ծառատունկ (Լուսանկարներ)

«Քէմբ Արմէն»ի Մէջ Սուրուճի Զոհերու Յիշատակին Ծառատունկ (Լուսանկարներ)

 Թուրքիա-  Սուրուճի մէջ զոհուածներուն յիշատակը յարգելու  համար       Պոլսոյ   մէջ   տեղի ունեցած է ծառատունկ: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով «Նոր Զարթօնք»ի անդամներ      ի  յիշատակ  Սուրուճ շրջանին մէջ զոհուածներուն 32   ծառ տնկած են  Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ  գտնուող   «Քէմբ Արմէն»ի  շրջակայքին մէջ:  Ծառատունկին  մասնակցած է       Թուրքիոյ խորհրդարանի  անդամ ՝Կարօ Փայլան  (HDP) : Յիշեցնենք, որ  թրքական   Սուրուճ աւանին մէջ     գրանցուած ահաբեկչական պայթումին  հետեւանքով     32 քիւրտ  աքթիւիսթներ զոհուած էին  եւ  վիրաւորներուն  թիւը անցած էր 100–ը: Աքթիւիսթները կը պատրաստուէին օժանդակութիւններ    հաւաքել    Սուրիոյ Քոպանի  քրտաբնակ  աւանին համար: