Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ, օրերս, Հայրերու տօնին առիթով հոգիհանգստեան պաշտօն կատարուած է, նուիրուած հանգուցեալ հայրու հոգիներու յիշատակին։ Նոյն առիթով Սեդրակ Գալփակեան Սրահին մէջ տեղի ունեցած է Եկեղեցւոյ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կիրակնօրեայ դպրոցի փակման հանդէսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած լրատւութիւնը։
Կիրակի, Յունիս 16, 2024, Հայրերու Տօնին առիթով, յաւարտ Սուրբ Պատարագի հոգիհանգստեան պաշտօն կատարուեց հանգուցեալ հայրու հոգիներու յիշատակի նուիրուած։
Նոյն առիթով Սեդրակ Գալփակեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյտ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կիրակնօրեայ դպրոցի փակման հանդէսը որը կազմակեդպուած էր վերակացու և ուսուցչուհի տիկ. Մարիանա Ներսէսեանի գեղեցիկ և կոկիկ յայտագիր ներկայացուած “վիտյո”-ով, ուր աշակերտները ելոյթ ունեցան շատ կազմակերպուած և տպաւորիչ խօսքերով։
Այնուհետեւ տարւոյս երկրորդականի, քոլեճի եւ համալսարնի շրջանաւարտներ ներկայացուեցան ներկաներուն եւ գնահատուեցան եկեղեցւոյս կողմէ։