image

Փարաճանով. «Ես վրէժխնդիր կ՚ըլլամ աշխարհէն՝ սիրոյ միջոցով»

Փարաճանով. «Ես վրէժխնդիր կ՚ըլլամ աշխարհէն՝ սիրոյ միջոցով»

Սերգեյ Փարաճանովին նուիրուած ֆիլմը իր շուրջ համախմբած է համաշխարհային աստղեր։ Այս մասին կը գրէ «Արմէնփրէս»ը։

Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, Յուլիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ բեմադիրին նուիրուած «Ես վրէժխնդիր կ՚ըլլամ աշխարհէն՝ սիրոյ միջոցով. Ս. Փարաճանով» (I will revenge this world with love. S.Paradjanov) վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ AVA Films-ի , ֆրանսական LA HUIT-ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ (David P. Kelly Films Limited – UK) մասնակցութեամբ ֆրանքեւհայկական ֆիլմը ունի միջազգային խումբ մը եւ լայն աշխարհագրութիւն:

Ժապաւէնին ստեղծագործական կազմը կ՚ընդգծէ, թէ «Փարաճանով ազատատենչ էր, մեծ հռչակ կը վայելէր, հետեւաբար չէին կրնար այլ կերպ անդրադառնալ անոր»:

Ֆիլմը բեմադրած, արտադրած Զառա Ճիան տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի, Գերմանիոյ, Սերպիոյ, Լաթվիոյ մէջ նկարահանուած ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեան ներկայ պիտի ըլլան հեղինակաւոր հիւրեր, որոնք նաեւ ֆիլմին հերոսներն են։

Ժապաւէնին մէջ ընդգրկուած են Ատոմ Եղոյեան, Թարսեմ Սինկ, Էմիր Քուսթուրիքա, Չուլփան Խամաթովա, Ժոէլ Շափրոն, Ալի Խամրաեւ, Լոռա Կեռա, Լեւոն Աբրահամեան, Արտաւազդ Փելեշեան: 

“Ֆիլմը ճամբայ ելաւ փարաճանովեան ոճով՝ խորհրդաւոր իրադարձութիւններով լի: Երբ բեմագրութիւնը աւարտած էինք եւ պէտք էր սկսէինք մեր աշխատանքը, իմացանք որ 2024-ը Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակն է: Նախորդ տարի Մայիսին մեզի անկարելի կը թուէր կարճ ժամանակի մէջ այս ամէնը իրականացնել: Բարեբախտաբար, ամէն բան կրցանք ընել միասնաբար: Ամէն ինչ սկսաւ Էմիր Քուսթուրիքաէն. զինք նկարահանելու նպատակով մեկնեցանք Սերպիա, ապա «Ոսկէ ծիրան»-ի շրջանակին մէջ շատեր ժամանեցին Հայաստան, որ, ի հարկէ, հիանալի կարելիութիւն էր: Մեր ֆիլմին հերոսները հրաշալի զուգադիպութեամբ ճիշդ պահուն կը յայտնուէին ճիշդ տեղը: Ֆիլմին պատկերի հեղինակ Նորայր Քասփերի միջոցով ալ, որ Ատոմ Եղոյեանի հետ աշխատած է եւ ընկերն է, կրցանք Պերլինի մէջ նկարահանել Եղոյեանը: Վերջինիս մասնակցութիւնը հրաշքի պէս բան մըն էր, քանի որ շատ բազմազբաղ էր: Իրապէս ֆիլմին պէտք էր նաեւ Եղոյեանի պէս հերոս մը՝ ներկայացնելու մեր ազգային ողբերգութեան պատճառները: Թարսեմ Սինկ ալ, ընդունելով առաջարկս, երկա՜ր ճամբայ կտրեց, որ Հայաստանի մէջ նկարահանենք զինք”,– կը պատմէ բեմադիրը։

Ֆիլմը կը սկսի հեղինակին՝ ողբերգական իրադարձութիւններու պատճառով երկիրը լքելու եւ հայրենիք՝ Հայաստան, վերադառնալու որոշումով, ուր պէտք է գտնէր կեանքը շարունակելու արժէքաւոր օրինակ եւ լուծումներ: Փարաճանովի թանգարանը կը դառնայ ոգեշնչման վայր: “Ինչպէս ֆիլմին խաղարկութեան բաժնին մէջ հերոսուհին կը ձգէ իր բնակավայրը, այնպէս ալ ես՝ 2020-էն յետոյ չէի կրնար ապրիլ Մոսկուա: Երբ Երեւանի մէջ ծանօթներուս կ՚ուղեկցէի Փարաճանովի թանգարան, պահ մը կանգ առի արուեստագէտին «Երեք ազգերու զաւակ» ինքնանկարին դիմաց, եւ բան մը տեղի ունեցաւ ներաշխարհիս մէջ: Տեսնելով ինքնանկարը՝ հասկցայ, թէ խորհրդային տարիներուն Փարաճանով որքա՜ն դժուարութիւններու ընդմէջէն անցած է, սակայն հաւատարիմ մնացած է իր գործին։ Ան իրապէս հանճար մըն է: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Փարաճանովի թանգարանի անձնակազմին, Զաւէն Սարգսեանին, որ ֆիզիքապէս մեզ հետ չէ այլեւս, սակայն անոր շնորհիւ ունինք այդ թանգարանը”,– կ՚եզրափակէ Զառա Ճիան: 

Փարաճանովի նոր ֆիլմը պատրաստելու աշխատանքներուն աջակցած են Հայաստանի ազգային շարժարուեստի կեդրոնը, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարությունը, CNC, Cine+-ը: