image

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնին Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու մասին ֆիլմ պիտի ցուցադրուի

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնին Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու մասին ֆիլմ պիտի ցուցադրուի

«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերներու փառատօնին պիտի ցուցադրուի «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» վաւերագրութիւնը։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է փառատօնի դիմատետրեան էջին։

Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման կարկառուն գործիչներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու մասին շարժապատկերը հեղինակած է անոնց զարմուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեան։

Նշուած է, որ շարժապատկերը մանրակրկիտօրէն կ'ուսումնասիրէ Մանուշեաններու կեանքը՝ գեղեցիկ սիրոյ ու նուիրման ողբերգական պատմութիւնը եւ անոնց անձնուէր պայքարը։

Յիշեցնենք, որ այս տարուան 21 փետրուարին, Միսաք Մանուշեանի ու անոր կնոջ` Մելինէի աճիւնները մեծ հանդիսաւորութեամբ ամփոփուեցան Փարիզի պանթէոնին մէջ։