Մախաչքալայի եւ Դերբենտի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 26-ի, տուժածները՝ 51-ի։ Տեղեկութիւնը յայտնած է 112 թելեկրամ ալիքը:
Տաղստանի մէջ կրկնակի ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած ոստիկաններու թիւը հասած է 16-ի: Ստացած վնասուածքներէն մահացած է ճանապարհային ոստիկանութեան գունդի 24-ամեայ տեսուչ, սերժանթ Հապիպ Ալիեւը:
Տաղստանի ՆԳՆ մամուլի քարտուղար Կայանա Կարիեւան ըսած է, որ տեղի բնակիչներէն մէկը ահաբեկչութեան ժամանակ բացած է Ալիեւի առաջ իր տան դուռը եւ առաջարկած է թաքնուիլ այնտեղ: Սակայն ոստիկանը չէ ընդունած առաջարկը՝ վախնալով խաղաղ քաղաքացին թիրախ դարձնելէ։
Ան աւելցուցած է, որ ոստիկանի վերջին խօսքերը եղած են. «Ինծի, միեւնոյնն է, պիտի սպանեն, իսկ դուն մտիր տուն, փակէ դուռն ու թաքնուիր»։
Քաղաքացիական անձանց շարքէն կայ 5 զոհ, եւս 5-ի ինքնութիւնը դեռ պարզուած չէ: Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուողներու կեանքի համար կը պայքարին բժիշկները, տուժածներէն 13-ը ծանր վիճակի մէջ են: