Թուրքիա- Սուրուճի մէջ զոհուածներուն յիշատակը յարգելու համար Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է ծառատունկ: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով «Նոր Զարթօնք»ի անդամներ ի յիշատակ Սուրուճ շրջանին մէջ զոհուածներուն 32 ծառ տնկած են Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմբ Արմէն»ի շրջակայքին մէջ: Ծառատունկին մասնակցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ՝Կարօ Փայլան (HDP) : Յիշեցնենք, որ թրքական Սուրուճ աւանին մէջ գրանցուած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով 32 քիւրտ աքթիւիսթներ զոհուած էին եւ վիրաւորներուն թիւը անցած էր 100–ը: Աքթիւիսթները կը պատրաստուէին օժանդակութիւններ հաւաքել Սուրիոյ Քոպանի քրտաբնակ աւանին համար: