Լիբանանեան պաշտօնական մարմիններ, որ արագօրէն մեկնաբանած են լուրը մամլոյ ասուլիս տալով օդակայան հրաւիրած են երկրի ազդեցիկ տէրութեանց դեսպանները, որպէսզի մօտէն ծանօթանան օդակայանի ընդհանուր վիճակին ու փարատուին բոլոր տեսակի կասկածները կապուած Լիբանանը աշխարհին կապող միակ օդային ճանապարհ հանդիսացող օդակայանին։
Այս բոլորէն անդին ամենազդեցիկ հարցադրումը կը շարունակէ մնալ նոյնը, արդեօք մօտալուտ է Իսրայէլ-Լիբանան նոր պատերազմը, որուն սկսելու պարագային Թէլ Աւիւի առաջին եւ ամենանախընտրելի թիրախը պիտի դառնայ Պէյրութի օդակայանը։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Վերջին օրերուն Լիբանանի ԶԼՄ-ներուն կողմէ գլխաւոր թեմա դարձած է Պէյրութի օդակայանի անվտանգութեան օրակարգը։
Խնդիրն այն է, որ բրիտանական The Telegraph պարբերականը հրապարակում մը կատարելով գրած է Պէյրութի օդակայանին մասին նշելով , որ օդակայանը ներկայիս կը գտնուի «Հըզպալլա» կազմակերպութեան հովանաւորութեան ներքոյ։
Աղբիւրը նաեւ թուարակած է կարգ մը իրանեան հեռահար եւ միջին հասողութեան հրթիռներու անուններ, որոնք ըստ թերթի աղբիւրներուն կը գտնուին օդակայանի պահեստանոցներուն մէջ։
Աղբիւրը չէ բաւարարուած այսքանով այլ նաեւ նշած է, որ այս բոլորէն անդին, եթէ Իսրայէլ հարուածէ Պէյրութի օդակայանի պայթումը կրնայ համազօրը դառնալ 2000 թուականին Լիբանանը ամբողջութեամբ ցնցած Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին։