Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ 1 միլիառ եւրօ յատկացուցած է Գահիրէին՝ երկրի տնտեսական բարեփոխումներուն աջակցելու նպատակով։
Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ աւելցնելով, որ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն համապատասխան յայտարարութիւն ըրած է Գահիրէի մէջ Եգիպտոս-ԵՄ ներդրումային համաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ։
«Մարտին մենք Եգիպտոսի հետ 7,4 միլիառ եւրոյի չափով օգնութեան պայմանագիր ստորագրած ենք, իսկ այսօր խոստացուած գումարի առաջին միլիառը կը յատկացնենք Գահիրէին՝ երկրին մէջ իրականացուող տնտեսական բարեփոխումներուն աջակցելու նպատակով»,-յայտարարած է Ֆոն տեր Լեյէն՝ աւելցնելով, որ Եգիպտոսի տնտեսական ոլորտի փոփոխութիւնները կը նպաստեն ներդրողներու ալ աւելի մեծ ներգրաւման Եգիպտոսի տնտեսութեան եւ երկրին մէջ կը ստեղծեն նոր աշխատատեղեր։
«Ընդհանուր առմամբ, համաժողովի մասնակիցները կը նախատեսեն ստորագրել աւելի քան 20 փոխըմբռնման յուշագիր՝ 40 միլիառ եւրօ ընդհանուր արժէքով»,-աւելցուցած է Ֆոն տեր Լեյէն։
Ան նշած է, որ համաձայնագիրները կ'ընդգրկեն քանի մը ոլորտներ, մասնաւորապէս՝ կանաչ ջրածինի արտադրութիւնը, օդանաւային եւ ինքնաշարժային արդիւնաբերութիւնը եւ քիմիական արդիւնաբերութիւնը։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Սիսի իր ելոյթին մէջ նշած է, որ երկիրը ներկայիս դէմ յանդիման է միջազգային եւ տարածաշրջանային մակարդակներով իրար յաջորդող ճգնաժամերու, որոնց բացասական հետեւանքները կը զգան աշխարհի բոլոր երկիրները։
«Այս առումով, Եգիպտոսի եւ անոր եւրոպացի գործընկերներու միջեւ փոխադարձ աջակցութիւնն ու համակարգումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին»,-ընդգծած է Եգիպտոսի ղեկավարը։
Նշենք, որ Գահիրէի մէջ բացուած է Եգիպտոս-ԵՄ ձեւաչափով երկօրեայ ներդրումային համաժողով։ Համաժողովը կը կայանայ «Բանալով Եգիպտոսի ներուժը արագ փոխուող աշխարհին մէջ» կարգախօսով եւ կը կատարուի երկրի նախագահի հովանաւորութեամբ։
Միջոցառման կազմակերպիչներուն խօսքով՝ համաժողովի մասնակիցները կը նախատեսեն քննարկել Եգիպտոսի եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը տնտեսական, նորարարութեան, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, ճարտարագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Նախատեսուած է առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացնել եւրոպական ներդրումներու ներգրաւման Եգիպտոսի տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներու որոնման, ջրամատակարարման ցանցերու բարելաւման, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ: