Հնդկաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաշմիրի մէջ զինուած անձինք հանգստավայրերէն մէկուն մէջ կրակ բացած են եւ սպանած առնուազն 26 զբօսաշրջիկ, կայ 30-է աւելի վիրաւոր, որոնց մեծ մասը ծանր վիճակի մէջ է: Ուստի, չի բացառուիր, որ զոհերու թիւն աւելնայ, գրած է Associated Press-ը:
Ոստիկանութիւնը կատարուածի համար կը մեղադրէ Հնդկաստանի իշխանութիւններու դէմ պայքարող զինեալները: Իրաւապահներու հաղորդմամբ՝ առնուազն չորս զինեալ մօտ տարածութենէ կրակած են տասնեակ զբօսաշրջիկներու ուղղութեամբ: Սպանուած զբօսաշրջիկներու մեծ մասը հնդիկ էին:
Առայժմ որեւէ խմբաւորում պատասխանատւութիւն չէ ստանձնած: Ոստիկաններն ու զինուորները կ՚որոնէին յարձակողները։
Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ընդհատած է իր երկօրեայ այցը Սէուտական Արաբիա եւ չորեքշաբթի վաղ առաւօտեան վերադարձած Նիւ Տելի, հաղորդած է Press Trust of India լրատուական գործակալութիւնը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը խստօրէն դատապարտած է յարձակումը եւ ընդգծած, որ «յարձակումները խաղաղ բնակչութեան վրայ անընդունելի են որեւէ պարագայի»:
Հայաստան դատապարտած է պատահարը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է Հնդկաստանի Փահալկամ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան առնչութեամբ։
«Ցնցուած ենք Պահալգամում տեղի ունեցած սարսափելի ահաբեկչութեան մասին: Մեր խորին ցաւակցութիւններն ենք յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, իսկ վիրաւորներին մաղթում ենք շուտափոյթ ապաքինում։ Հայաստանը եղբայրական Հնդկաստանի կողքին է ընդդէմ ահաբեկչութեան ցանկացած ձեւի»,- ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ-ի X-ի էջին եղած գրառման մէջ։