Օրեր առաջ Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսութիւն, նուիրուած հայ մեծ շանսոնիյէ՝ Շարլ Ազնաւուրին։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի սաները։
Ստորեւ այդ մասին ՝ «Նոր Մարմարա»ի կողմէ կատարուած լրատւութիւնը։
Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» հայաստանեան վարժարանի մէջ գրական-գեղարուեստական հանդիսութիւն մը սարքուեցաւ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի, Ֆրանսայի ու բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ 2024ը «Ազնաւուրի տարի» է ու Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով մեծահանդէս արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի, Ֆրանսայի ու ֆրանսախօս բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
«Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ եւս մեծարուեցաւ հայ ժողովուրդի համար այս թանկագին արուեստագէտը։
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ հայաստանեան դպրոցի ու Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներու համատեղ մասնակցութեամբ։ Մխիթարեանցի աշակերտները իրենց ուսուցիչներ Ալիտա Թանիկեանի, Նորա Տէլկիի, Արսէն Պ. Ալեքսանեանի առաջնորդութեամբ հիւրընկալուեցան հայաստանեան դպրոցի երդիքին տակ։ Գրական-երաժշտական միջոցառման սկիզբը տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան ողջոյնի խօսք արտասանեց, կարեւոր նկատելով նմանօրինակ հանդիպումները, որոնք առհասարակ կը նպաստեն միջվարժարանային ջերմ յարաբերութիւններու ձեւաւորման, նաեւ օգտակար են հայաստանցի աշակերտներու պարագային։
Հիւր աշակերտները ներկայացուցին Ազնաւուրի կենսագրութենէն մանրամասնութիւններ՝ սահիկներու ցուցադրութեամբ, յետոյ հարցումներ ուղղեցին աշակերտներուն։
Ուշագրաւ էին Ազնաւուրի երգացանկով մխիթարեանցիներու երաժշտական ելոյթները՝ դաշնակի ու կիթառի նուագակցութեամբ եւ մենակատարութիւններով։
Ձեռնարկը շարունակեցին հայաստանցի աշակերտները, պատմելով հատուածներ Ազնաւուրի մանկութենէն, քրոջ Այտայի հետ ունեցած անքակտելի սիրուն յարաբերութիւնները, Ազնաւուրեան ընտանիքի լաւատեսութիւնն ու ուսանելի օրինակները, նաեւ անդրադարձան Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն մեծանուն հայու բարեգործութեան ու «Քեզ համար Հայաստան» երգի պատմութեան։
Վերջաւորութեան, դպրոցի սաները երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի ղեկավարութեամբ երգեցին «Քեզ համար Հայաստան»ը։
Միջոցառման երկրորդ մասը ուշագրաւ էր մարզական խաղերով, որոնք պատրաստուած էին նախակրթութեան բաժնի սաներու համար։ Երկու վարժարաններն ալ զատկական խորհրդանշական անուշեղէն նուիրեցին մէկզմէկու եւ կրկին հանդիպելու խոստումով հրաժեշտ առին իրարմէ։