Մեր ընթերցողներէն շատեր իմացած են, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ «Հրանդ Տինք» անունով մասնայատուկ վարժարան մը, որուն աշակերտները Պոլիս կայք հաստատած հայաստանցի ծնողներու զաւակներն են։
Շատ անցուկ պայմաններով սկսած վարժարանը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ այդ կառոյցի իրավիճակը բարելաւելու համար պոլսահայ մեր հայրենակիցները կարեւոր ճիգեր կ՚իրագործեն։
Նոյն ծիրին մէջ վարժարանի խնամակալ (կամ վարիչ մարմինը) ամէնամեայ կերպով կը կազմակերպէ հանգանակութեան հաւաք-սիրոյ սեղան մը հասնելու համար հաստատութեան ծով կարիքներուն։
Այս օրերուն այդ վարիչ մարմինը գլխաւորութեամբ պոլսահայ նուիրեալ ազգայիններէն՝ Տիար Նազար Պինաթլըի այցելութիւն տուած է Ն.Ա.Տ. Սահակ բ. Պատրիարքին եւ ատոր մասին «Արեւելք» կը ներկայացնէ օրերս հրապարակուած լրատւութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Յունուար 2025, Երկուշաբթի, ընդունեց Հրանդ Տինք վարժարանի վարիչներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, ինչպէս նաեւ Նազարէթ Պինաթլըն։
Այցելուները յայտնեցին, որ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութան հանդիսութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 2 Փետրուար, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։
Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ վարժարանի հետ առնչակից տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Հայրական թելադրութիւններ ըրաւ, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց եւ օրհնեց Հայաստանի Հանրապետութեան հայրենակից իսթանպուլաբնակ սաներու ուսման նուիրուած իրենց կրթանուէր գործունէութեան մէջ։