image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Համայնքի մեծամեծներէն՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի մօրեղբօր կորուստը

Պոլսոյ մէջ. Համայնքի մեծամեծներէն՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի մօրեղբօր կորուստը

Օրերս, Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած է նորոգ հանգուցեալ Վիչէն Առաքելեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։

Հանգուցեալը մօրեղբայրն էր յայտնի բարերար, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ERVAB-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վիչէն Առաքելեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց բազմաթիւ սգաւորներ։ Համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին այս տխուր արարողութեան՝ նկատի ունենալով, որ հանգուցեալը մօրեղբայրն էր յայտնի բարերար, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ERVAB-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Բոլոր յուղարկաւորները՝ լուսաշող տաճարին կեդրոնը զետեղուած դագաղին շուրջ՝ աղօթեցին հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան եւ անոր ընտանիքին ու բոլոր պարագաներուն մխիթարութեան համար։

Հանգուցեալի հրաժեշտին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին ննջեցեալին համար եւ ցաւակցեցան Պետրոս Շիրինօղլուին։ Հուսկ, հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի կաթողիկէ հայոց գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։