Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ամենամեայ պատարագէն ետք յայտարարած է, որ այս տարի յատուկ աղօթք յղած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերականգնման համար։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Daily Sabah» պարբերականը։
Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան նշած է, որ համաշխարհային խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան համար աղօթքներէն բացի՝ այս տարի յատկապէս աղօթած են նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերականգնման համար։ «Այս հողերուն մէջ ապրող մարդիկ խաղաղութեան արժանի են։ Մենք Աստուծմէ օրհնութիւն կը խնդրենք»,– պատարագէն ետք ըսած է Մաշալեան։
Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին մասնակցած են հայեր Թուրքիայէն, Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, եւրոպական երկիրներէն եւ Իրանէն։ Պատարագը մատուցած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան։
«Daily Sabah»-ը, անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, նշած է, որ երկու երկիրները այս տարի քայլեր ձեռնարկած են մերձեցման ուղղութեամբ, ներառեալ՝ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներու հանդիպումներու շարունակութիւնը։
Կը նշուի, որ կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են աշխատիլ ուղիղ երկաթուղային հաղորդակցութեան հաստատման եւ սահմանին գտնուող պատմական կամուրջի վերականգնման ուղղութեամբ։