Հայաստանի համար վճռորոշ այս հանգրուանին, երբ քաղաքական, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական բազմաթիւ զարգացումներ անմիջականօրէն կը պայմանաւորեն երկրի ապագայի ուղղութիւնը, Կլենտէյլի մէջ հրապարակային զրոյց-հանդիպում մը համախմբեց Հայաստանի եւ տարածաշրջանի օրակարգով հետաքրքրուած հայորդիներ։
ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ կայացած հանդիպման բանախօսն էր յայտնի տնտեսագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Էդուարդ Անտինեան, որ իր շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթին ընթացքին հանգամանալից անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրներուն, տարածաշրջանային վերադասաւորումներուն եւ երկիրը յուզող շարք մը առանցքային հարցերու։
Ստորեւ «Արեւելք»ին յղուած թղթակցութիւնը՝
Ուրբաթ 4 Սեպտեմբեր, 2026-ին, հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, Կլենտէյլի Իրանահայ Միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հրապարակային -զրոյց հանդիպում յայտնի տնտեսագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Էդուարդ Անտինեանի հետ։
Բացման խօսքով՝ ՌԱԿ-ի արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի անունով հանդէս եկաւ ընկ. Գէորգ Հալէպլեան, որ ներկաներուն ներկայացուց ներկայ յետընտրական զարգացումները, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական, տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական եւ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու ազդեցութիւնը հարաւային կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան վրայ։ Այնուհետեւ ընկ. Հալէպլեան ներկայացուց օրուան պատգամաբեր Էդուարդ Անտինեանի կենսագրականը եւ անոր անցած քաղաքական եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւնը։
Էդուարդ Անտինեան շուրջ մէկ ժամ անաչառ, հաւասարակշռուած եւ հմուտ վելուծաբանի իր տնտեսական եւ քաղաքական իւրահատուկ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած Անկախութեան Հռչակագրի վերացման անհեռատես մօտեցման, Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան դանդաղեցման պատճառներու, Ատրպէյճանի կողմէ դեռեւս բռնազավթուած Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքներու, Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներու, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, ԱՄՆ-Իրան եւ Ռուս-Ուքրանիական պատերազմներու, պետութիւն-եկեղեցի ճկնաժամի, ԹՐԻՓՓ արեւտրա-տնտեսական ծրագրի եւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ։
Անտինեանի ելոյթէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան իրենց յուզող հարցերը տալ օրուայ բանախօսին, որ սպառիչ կերպով պատասխանեց բոլոր հարցերուն։
Միջոցառման աւարտին, յանուն ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, ատենապետ ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ բանախօսին եւ ներկաներուն։


