image

Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը պիտի ներկայացուի «Օսքար»-ի

Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը պիտի ներկայացուի «Օսքար»-ի

Հայաստանի շարժանկարի ակադեմիան կը յայտնէ, որ 99-րդ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային երկար ժապաւէն» անուանակարգին մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը:

Այս ստեղծագործութիւնը արդէն իսկ արժանացած է միջազգային ուշադրութեան՝ բացումը կատարելով թէ Լոքառնոյի միջազգային փառատօնին, թէ ալ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնին։

ժապաւէնին մասին

Սելին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գայ՝ ամուսնոյն՝ Արտոյին մահը օրինականացնելու նպատակով: Հոս ան կը բացայայտէ, որ ամուսինը ստած է իրեն. ան պատերազմի չէ մասնակցած, կորսնցուցած է իր ինքնութիւնը, իսկ նախկին ընկերները զինք դասալիք կը նկատեն։ Սելինի համար կը սկսի նոր ճամբորդութիւն մը, երբ ան կը բախի Արտոյի անցեալին՝ 2020-ի մարտերու վիրաւորներուն, 90-ականներու յաղթական հերոսամարտերու վեթերաններուն եւ անվերջանալի պատերազմի մը ձգած խոր հետքերուն: Կինը կը հետապնդէ ուրուական մը, բայց ինչպէս հողին յանձնել զայն: Արդեօք հանգուցեալները կրնան փրկուիլ։

Ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակներն են՝ Թամարա Ստեփանեան, Ժան-Քրիսթոֆ Ֆեռարի, Ժան Պրեշան, Ժիհան Շուայպ եւ Ռոմի Քոչիա Տի Ֆեռօ: