image

Պոլիս. Ընթերցման տօն՝ Սահակեան Նունեան վարժարանի մէջ

Պոլիս. Ընթերցման տօն՝ Սահակեան Նունեան վարժարանի մէջ

Պոլսոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ տօնած են իրենց Ընթերցման տօնը՝ ներկայացնելով երգեր, ոտանաւորներ, թատերախաղեր եւ պարեր։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

21 Մայիս 2026 Հինգշաբթի, Սահակեան Նունեան վարժարանի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի Ընթերցման Տօնի հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Թաղային Խորհուրդի եւ յարակից մարմինններու ներկայացուցիչները, վարժարանի նախակրթարանի եւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհիները, ուսուցչաց կազմ եւ ծնողները։

Հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն, անգլերէն երգերով, թատերախաղերով, ոտանաւորներով ու պարերով։ Անոնք անթերի առոգանութեամբ կատարեցին իրենց յանձնուած դերերը եւ գնահատուեցան բուռն ծափահարութիւններով։

Վարժարանի տնօրէնուհի Գարին Թօկաչ Չաղլըուզուն նախ իր սրտի խօսքը ուղղեց փոքրիկ սաներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք իրենց յաջողութեանը առթիւ։ Յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց դասարանի ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ օգնական միւս բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք ժրաջան աշխատութեամբ հասցուցած էին սիրասուն սաները։

Փոքրիկները, որոնք այլեւս տառաճանաչ դարձած են, ստացան իրենց վկայագրերը։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի հուսկ բանքով։

Յետոյ կտրուեցաւ աւանդական կարկանդակը։ See