Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բազմամեայ դպրապետ Նշան Չալկճեան։
«Արեւելք» իր ցաւակցութիւնը յայտնելով, ստորեւ կը ներկայացնէ այդ մասին «Ակօս»ի կողմէ կատարուած լրատւութիւնը։
Թերթս տպարան ղրկելու կը պատրաստուէին, երբ վրայ հասաւ ցաւալի գոյժը։ Ոչ եւս է Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բազմամեայ դպրապետ Նշան Չալկճեան։ Ան կը պատկանի հայ հոգեւոր երաժշտութեան աւանդական երգեցողութիւնը շարունակող եւ հետզհետէ նուազ ոճի մը մերօրեայ վերջին ներկայացուցիչներու փաղանգին։ Այդ երաժշտական ոճը թէեւ որոշ շեղում ապրած էր պատմական եւ հնագոյն եղանակաւորումէն, բայց իր հերթին կը ներկայացնէր յատուկ արժանիք։ Այս առումով Նշան Չալկճեան ունեցաւ նաեւ ուսուցիչի հանգամանք, քանի որ իբրեւ դպրապետ ուղեցոյց եղաւ բազմաթիւ դպիրներու։
Այսօր երբ կը ցաւինք իր մահին, միւս կողմէ կը մխիթարուինք խորհելով թէ կան այդ աւանդը շարունակելու ատակ երիտասարդ յաջորդողներ։
Նշան Չալկճեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 4 Մայիս շաբաթ օր, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ։