image

«Պճեղ մը անոյշ սիրտ» ...Անուշիկ Երանուհիս…

«Պճեղ մը անոյշ սիրտ» ...Անուշիկ Երանուհիս…

Գերմանահայ   ազգային-հասարակական  գործիչ տօքթ. Ռաֆֆի  Պետիկեան  կը գրէ՝ 

17 Յունիս 2021 կորսնցուցինք մեր գաղութի ծանօթ, գործունեայ ազգայիններէն , Գերմանահայոց Կեդրոնական Խոհուրդի պատուոյ անդամուհի, Երանուհի Հարթման Գալայճեանը: Երանը ծնած էր Երուսաղէմ,20.04.1938ին, ճանչցուած ընտանիքներու մէջ, Խաչատուրեան  (Օհան Տուրեան, Նարեկ Տուրեան, փրոֆ. Հայկ խաչատուրեան) եւ Գալայճեան

     (Հրապարակագիր, խմբագիր Արա Գալայճեանի զարմուհին էր)։ Հայրը՝ Պօղոս Գալայճեանը ,Մարաշցի էր, Մարաշի մէջ ոսպի, բրինձի եւ պլղուրի գործարան ունէր, եւ նմանօրինակ գործարան մը հիմնած էր Երուսաղէմի մէջ: Մայրը՝ Շողակաթ Սահակեան Երուսաղէմցի ճանչցուած՝ ճարտարապետի ընտանիքէ կու գար։ 

1947 ընտանեօք կ՚անցնին Ամման, յետոյ Պէյրութ: Երանուհին կը յաճախէ  ՀԲԸՄ-ի «Դարուհի Յակոբեան վարժարան»ը, ուր կ՚աշակերտի   մօրս՝Սօսի Պետիկեանին: Իրենք 8 տարուայ տարիքի տարբերութիւն ունէին, մայրս նոր համալսարան աւարտած էր ու նետուած ուսուցչական ասպարէզ։ Ոչ միայն ուսուցչուհի-աշակերտուհի, այլ ընկերուհիի յարաբերութիւն կը մշակեն։ Նաեւ Երանուհին գործունեայ կեանք կ՚ունենայ ՀԲԸՄ-ի  «Զարեհ- Նուպար» ակումբէն ներս: Պեյրութի մէջ  կը  հանդիպի Կիւնթըր Հարթմանին,  եւ ընտանիք կը կազմեն։Միասին կը փոխադրուին Գերմանիա, Պոնն, կ՚ունենան երկուորեակ զաւակներ էլքը եւ Հայկ: 

 Ապա կը փոխադրուին Կէօթինկըն։ 1993-էն ի վեր կ՚ապրէր Պերլին։ 1986-ին ես , 28 տարեկանիս ընտրուեցայ Գերմանահայոց կեդրոնական կազմակերպութեան Dachverband-ի վարչութեան անդամ: Նկատի ունենալով որ վարչութեան ամենաերիտասարդ անդամն էի, ինծի յանձնուեցաւ երիտասարդութիւնը կազմակերպելու պարտականութիւնը: Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հանդիպեցայ Երանուհիին, մի քանի երկվայրկեանէն մտերմացանք, երբ լսեց թէ Վարուժանին եւ Սօսիին տղան եմ,  ուժեղ  մը փաթթուեցաւ եւ պաչիկներ «փակցուց»: 

   Հիմքը դրինք երկար եւ սերտ համագործակցութեան:

Հիմնեցինք երիտասարդական եւ կրթական յանձնախումբեր։ Երանուհի եղաւ կրթականի ատենապետուհին։ 

Միասնաբար կազմակերպեցինք երիտասարդական հաւաքոյթներ որուն կը մասնակցէին 300-է աւելի  երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:  

Միասին  հիմնեցինք «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան ամառնային ճամբարը: Կազմակերպեցինք հայերէնի ուսուցչական սեմինարներ, սկսանք աշխատիլ դասագիրքերու վրայ։ Բաւական բեղուն գործունէութիւն ունեցանք։ Քրոջ-եղբօր պէս էինք։ Տարբեր նկարագիր ու մօտեցումներ ունէինք։ Ինք պահպանողական-խաղաղասէր, ես «յեղափոխական»: Ազգասէր, հայրենասէր, նուիրուած, աշխատասէր,  խօսիլ սիրող    (ամենակարճ հեռախօսային զրոյցը կը տեւէր առնուազն երկու ժամը, մէկ նիւթը կը բանար տասը նիւթ)։Հիւրասէր,ջերմ ու տաքուկ  անձնաւորութիւն էր ։ Շահնուրի խօսքով՝ «Պճեղ մը անոյշ սիրտ»: 

1993-ին  Երանուհին հաստատուեցաւ Պերլին եւ ստանձնեց հայ համայնքի հայերէնի դասընթացքները: Անսահման սէր ու գուրգուրանք կը գուցաբերէր հայ մատղաշ նոր սերունդին հանդէպ։ Իր ամբողջ ոյժը դրաւ հայերէն լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան գիտելիքներ փոխանցելու նոր սերունդին, հազարաւոր հայորդիներու: Իր գլխաւոր ժառանգութիւնը սակայն եղաւ իր աղջիկը, փրոֆ. Էլքը Հարթմանը, որ շուտով վարիչը պիտի ըլլայ Պերլինի համալսարանի թրքագիտութեան ամպիոնին։ Ասոր իմաստը հասկնալու համար պէտք է նկատի առնել որ Գերմանիոյ նման կարեւոր երկրի մը մէջ կ՚ապրին աւելի գան 3 միլիոն թրքական ծագումով անձեր եւ հազարաւոր ուսանողներ։ 

   Վերջին տարիներուն առողջական պատճառներով քաշուած էր ամէն ինչէ: Նկատի ունենալով որ Երանուհիի կեանքի գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ հայ մատղաշ  սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, իր հարազատները եւ ընկերները նախաձեռնեցին իր անունով կրթական հիմնադրամ մը հիմնել...։

  Երանուհին միշտ ալ  պիտի յիշուի  եւ  յիշատակուի    ու այսօր այս տխուր առթիւ կ՚ըսեմ՝ Սիրելի Երանուհի,  հիմա  դուն գացիր  արդէն ու իմ սրտէս ու հոգիէս կտոր մըն ալ   փրցուցիր , ու հետդ տարիր։ 

Քեզ միշտ սիրող եւ յարգող՝ եղբայրդ եւ ընկերդ՝ Րաֆֆի Պետիկեան

Տինսլաքըն, 17 .07.2021

  Յ.Գ.  Հանգուցեալին  թաղումը պիտի կատարուի Պերլինի մէջ, 22 Յուլիսին, ժամը 12.30ին

Հասցէ՝ Fürstenbrunnerweg 37-67։