Միացեալ Նահանգները կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է դիտարկել մարդասիրական դադարներ մտցնելու հարցը Կազայի հատուածին մէջ շարունակուող մարտերու լոյսին տակ։ Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն,ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը։
«Սնունդը, ջուրը, դեղորայքը եւ այլ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը խաղաղ բնակիչներուն պէտք է անարգել հասնի Կազա: Քաղաքացիական անձինք պէտք է հեռու մնան վտանգէ: Այս խնդիրը աւելի կը բարդանայ, քանի որ ՀԱՄԱՍ-ը խաղաղ բնակիչները կ՚օգտագործէ որպէս կենդանի վահան: Նաեւ պէտք է դիտարկել մարդասիրական դադարներու հարցը»,-ըսած է Պլինքըն Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովի լսումներու ժամանակ։
Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլցի գործընկերներու հետ շփումներու ժամանակ պնդած է պատերազմի կանոններու եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման անհրաժեշտութեան մասին։ «Մենք նաեւ կ՚ընդգծենք Իսրայէլի կողմէ բոլոր հնարաւոր միջոցները ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ խաղաղ բնակչութեան շարքերէն զոհերէ խուսափելու համար», -ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը։
Պլինքըն նաեւ ըսած է, որ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան ընթացքին Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութեան մշտական հոսքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ մագլցումը ամենայն հաւանականութեամբ կը մեծնայ: