Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպման քննարկած է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման աջակցելու հնարաւորութիւնները։
Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը:
Նշուած է նաեւ, որ պաշտօնեաները քննարկած են Կազայի մէջ հրադադարի հասնելու ջանքերը, պատանդներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Կազային մարդասիրական օգնութեան աւելացման եւ տարածաշրջանային անկայունութիւնը կանխելու կարեւորութիւնը: