image

Պիլ Կէյթցէն նոր տեսակէտ. Երբ պիտի աւարտի համավարակը

Պիլ Կէյթցէն նոր տեսակէտ. Երբ պիտի աւարտի համավարակը

Չնայած «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակներու ի յայտ գալուն եւ պատուաստներու ոչ բաւարար ընթացքին՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի սուր փուլը կրնայ աւարտիլ գալ տարի։ Նման կարծիք յայտնած է Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյթց իր անձնական պլոգով, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին։

Գործարարը խոստովանած է, որ չէր սպասեր «Տելթայի» նման վարակիչ տեսակի յայտնուիլը, ինչպէս նաեւ չէր սպասեր, որ մարդոց այդքան երկար պէտք է համոզել պատուաստուելու եւ դիմակներ կրելու։  

«Սակայն, յոյսով եմ, որ վերջը հեռու չէ։ Յիմարութիւն է եւս մէկ  կանխատեսում ընել, սակայն համավարակի սուր փուլը կ'աւարտի 2022 թուականին», ըսած է Կէյթց։ 

Չնայած, որ օմիքրոն տեսակը մտահոգիչ է, համաշխարհային հանրութիւնը այժմ աւելի լաւ պատրաստուած է ժահրին դէմ պայքարելու համար, քան նախորդ փուլերուն, աւելցուցած է Կէյթց։