image

Իրանի հետ գործարքն աւարտին հասաւ. Թրամփ

Իրանի հետ գործարքն աւարտին հասաւ. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնը աւարտին հասցուած է։ Այս մասին ԱՄՆ-ի նախագահը գրած է իր Truth Social ընկերային ցանցի էջին վրայ։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ համաձայնութիւնը աւարտին հասցուած է։ Բոլորը կը շնորհաւորեմ։ Այս պահէն սկսեալ ես ամբողջութեամբ կը թոյլատրեմ Հորմուզի նեղուցի մաքսազերծ բացումը, եւ միաժամանակ կ՚արտօնեմ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային շրջափակման անյապաղ վերացումը։ Աշխարհի նաւեր, գործի դրէ՛ք ձեր շարժիչները։ Թող քարիւղը հոսի»,– գրած է Թրամփ։

Թեմային յայտարարութեամբ անդրադարձած է նաեւ Սպիտակ տունը։

«Ամերիկեան դիւանագիտութեան համար նշանակալի այս պահուն, նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Իրանի հետ պատմական խաղաղութեան համաձայնագրի մասին՝ վերջ դնելով տասնամեակներու թշնամանքին եւ կայունութիւն բերելով աշխարհի ամէնէն անկայուն տարածաշրջաններէն մէկուն»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։