Դաշնակցականներու տուներու խուզարկութեան հետեւանքով որեւէ ապօրինի առարկայ չէ յայտնաբերուած։ Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հանրային կապերու գրասենեակը։
«Առգրաւուած բոլոր զէնքերը օրինական են։ Նկարներում պատկերուած առարկաների մեծ մասը, այդ թւում՝ նռնականման առարկան նախատեսուած է Սթրայքբոլ խաղի համար։ Նռնականման առարկայի ներսում պահուել են Սթրայքբոլ խաղի համար նախատեսուած սիսեռի հատիկներ»,- ըսուած է ՀՅԴ յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդած էինք, որ Քննչական կոմիտէէն յայտնած են՝ աhաբեկչութեան նախապատրաստութեան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս 7 անձ ձերբակալուած է: