CBS հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը կոչած է ուժեղ եւ խելացի մարդիկ, որոնց նկատմամբ պէտք է լուրջ վերաբերում ցուցաբերել։
«Անոնք երկուքն ալ կոշտ են, երկուքն ալ խելացի են, եւ երկուքն ալ շատ ուժեղ առաջնորդներ են։ Այս մարդոց հետ խաղալ կարելի չէ»,– ըսած է Թրամփ։
Այսպէս ան պատասխանած է հաղորդավարի հարցին, թէ որո՞ւ հետ աւելի դժուար է գործ ունենալ՝ Վլատիմիր Փութինի՞, թէ՞ Սի Ծինփինի։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած է, որ ինք շահագրգռուած է միջուկային սպառազինութեան հարցով, եւ այդ թեման քննարկած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի առաջնորդներուն հետ։
«Պէտք է բան մը ընենք ապամիջուկայնացման հարցով»,– ըսած է Թրամփ։
Ան վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն աւելի շատ միջուկային զէնք ունի, քան որեւէ այլ երկիր, եւ այդ պաշարը բաւարար է աշխարհը 150 անգամ պայթեցնելու համար։
Թրամփը նաեւ հաստատած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի կատարէ միջուկային փորձարկումներ, սակայն մանրամասնութիւններ չէ յայսնած։ Ան պնդած է, որ Հիւսիսային Քորէան, Չինաստանն ու Ռուսիան արդէն կը կատարեն նման փորձեր․ «Իրենք այդ մասին չեն խօսիր, իսկ մենք կը խօսինք, որովհետեւ բաց հասարակութիւն ենք»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը։