image

Փութին. Սուրիոյ Հարցի Լուծման Ճանապարհը Պայմանաւորուած է Ասատի Յաղթանակով

Փութին.  Սուրիոյ Հարցի Լուծման  Ճանապարհը Պայմանաւորուած է Ասատի  Յաղթանակով

Ռուսիա- (CBS- ԱՄՆ)  «Սուրիոյ մէջ   խաղաղութեան  ճանապարհը  սկիզբ կ'առնէ միայն  նախագահ Ասատին  նեցուկ ցոյց տալով» այսպէս  խօսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին: Ան, որ հարցազրոյց մը տուած է  ամերիկեան CBS   կայանին նաեւ ըսած է, թէ եթէ  Սուրիոյ իշխանութիւնները պարտուին ապա երկրին վիճակը պիտի  նմանի այն երկիրներուն, որոնք   անիշխանական եւ քաոսային իրավիճակի մէջ  յայտնուեցան եւ որոնց ամէնէն վառ օրինակը Լիպիան է: Փութին  վերահաստատելով իր երկրին Սուրիոյ կառավարական ուժերուն տրուած  նեցուկը  նաեւ  նկատել տուած է, թէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ճանապարհը սկիզբ կ'առնէ   երկրո   իշխանութիւններուն  ահաբեկչութեան դէմ մղած     պատերազմին    մէջ գրանցելիք յաղթանակով եւ այդ առումով բոլոր կողմերը  պարտաւոր են նեցուկ ցոյց տալ երկրի  օրինապահ մարմիններուն: