image

Միացեալ Նահանգներն եւ Իրանը բանակցութիւններու հինգերորդ փուլէն ետք պայմանաւորուած են շարունակել հետագայ քննարկումները

Միացեալ Նահանգներն եւ Իրանը բանակցութիւններու հինգերորդ փուլէն ետք պայմանաւորուած են շարունակել հետագայ քննարկումները

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ 23 մայիսին Հռոմի մէջ կայացած բանակցութիւններու հինգերորդ փուլն աւարտած է առանց համաձայնութեան հասնելու։ Wall Street Journal-ի հրապարակման համաձայն՝ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները։

Նշուած է, որ բանակցող երկիրները մտադիր են սահմանել Իրանի միջուկային ծրագիրի վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի չափանիշները՝ անոր կարեւոր մանրամասնութիւնները ձգելով հետագայ քննարկման։

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին բանակցութիւններու այս փուլէն յետոյ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ'ակնկալէ տարաձայնութիւններ առաջացնող հարցերը լուծել ամերիկեան կողմի հետ առաջիկայ հանդիպումներու ընթացքին։

«Յուսով եմ, որ 1-2 հանդիպումներու ընթացքին, Իրանի դիրքորոշման աւելի լաւ ըմբռնման պարագային, կը կարողանանք հասնիլ համաձայնութիւններու, որոնք կրնան նպաստել բանակցութիւններու առաջընթացին»,- Արաքչիի խօսքերը հաղորդած է իրանական Mehr լրատուական գործակալութիւնը։

Գործակալութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հռոմի մէջ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին Օմանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցած են բանակցային գործընթացին մէջ առկայ խոչընդոտներու յաղթահարման միտուած շարք մը առաջարկներ։ Արաքչի նշած է, որ Օմանի այս առաջարկներն առաջընթացի հնարաւորութիւն կ'ընձեռեն։

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսաիտի իր հերթին յայտարարած է, որ բանակցութիւններու 5-րդ փուլը թոյլ տուած է հասնելու առաջընթացի։ Ան յոյս յայտնած է, որ առաջիկայ օրերուն կը պարզաբանուին մնացած հարցերը՝ էական եւ բարեխիղճ համաձայնութեան հասնելու համար։