image
Հրատապ լուրեր:

Խումբ մը գիւղացիներ փակած են Երեւան-Գիւմրի ճանապարհը

Խումբ մը գիւղացիներ փակած են Երեւան-Գիւմրի ճանապարհը

Այսօր` մայիս 20-ին, լարուած իրավիճակ ստեղծուած է Արագածոտնի մարզի մէջ: Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ժամը 09:00-ի սահմաններուն Երեւան-Գիւմրի ճանապարհի Ագարակաւան, Կաքաւաձոր, Դիան եւ Օթեւան գիւղերու բանկիչները ի նշան բողոքի փակած են ճանապարհը եւ կը պահանջեն հանդիպում ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան`յանձինս ՏԿԵ նախարարի եւ նոյն նախարարութեան «Ճանապարհային դեպարտամենտ» հիմնադրամի ղեկավարութեան հետ:

Բնակիչները կը պահանջեն իրենց գիւղ մտնող նախկին ճանապարհը բացուի, քանի որ այն աւելի կը դիւրացնէ գիւղացիներու ելումուտը գիւղէն դէպի Երեւան-Գիւմրի ճանապարհ, անգամ կը նշէին որ գիւղին մէջ քանի մը անգամ մարդիկ շտապօգնութեան կարիք ունեցած են եւ եթէ նախապէս շտապօգնութիւնը կը ժամանէր բաւականին արագ, ապա հիմա նոր բացուած ճանապարհը, որ գիւղացիները նաեւ կ՚ողջունեն, կը դանդաղեցնէ շտապօգնութեան, հրշէջ մեքենաներու ժամանումը:

Գիւղացիները նշած էին.  «Մեր պահանջը ոչ քաղաքական է, եւ ոչ էլ չգիտեմ ինչ, պարզապէս խնդրում ու պահանջում ենք պատասխանտուներից մեր հարցը լուծել ի շահ բնակչի»:

Այս պահուն բնակիչները ճանապարհը բացած են, քանի որ դէպքի վայր ժամանած է Թալին խոշորացուած համայնքի ղեկավար Տաւրոս Սափէեանը եւ բանակցութիւններ կը վարէ քաղաքացիներու հետ, հասկանալու համար խնդիրը:

Բնակիչները նշած էին` եթէ իրենց արդարացի պահանջը չլուծուի, ապա պիտի դիմեն աւելի կտրուկ միջոցներու: