Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ քննարկուող նախագիծերէն մէկը Հայաստանը շրջանցող փոխադրային կապի կառուցումն է, որ Նախիջեւանը Իրանի տարածքով կը կապէ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով «Դէպի նոր աշխարհակարգ» թեմայով միջազգային ֆորումին։
«Շրջանցող ճանապարհն արդէն կը կառուցուի, մենք հիմա կամուրջ կը կառուցենք, իսկ շրջանցիկ երկաթուղիի կառուցումն Իրանի եւ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը կը պահանջէ, քանի որ Հայաստանը կ՚արգելափակէ մեր մուտքը Նախիջեւան։ Մենք չենք կրնար նստել եւ սպասել։ Ուստի, պայմանաւորուած ենք, որ պիտի կառուցենք շրջանցիկ ճանապարհ, իսկ Հայաստանը պիտի շարունակէ փակուղիի մեջ մնալ տարածաշրջանին մէջ», -ըսած է ան: